Չեմ գիտեր` այդ օրերուն ինչպէ՛ս պատահեր է, որ հօրեղբայրս իր չորս զաւակներէն մէկը մեծ հօրս անունով չէր կոչած: Պարտադիր օրէնքի պէս բան մըն էր, որ տղաքը իրենց անդրանիկ տղայ զաւակը անուանէին իրենց հօր անունով: Ինձմէ ետք, երբ եղբայրս լոյս աշխարհ եկաւ, անունը որոշուած էր արդէն. ան պիտի կրէր մեծ հօրս անունը: Ինձմէ պզտիկ էր, բայց քանի որ տղայ էր, ամէն իրաւասութիւն ունէր, ինծի պատասխանատու էր, միասին դպրոց պէտք էր երթայինք, իսկ վերադարձին ե՛ս իրեն պէտք էր սպասէի միասին տուն գալու համար: Եթէ տեղ պիտի երթայի, եղբայրս հետս պէտք էր ըլլար. ճամբան բարձրաձայն խօսիլ-խնդալ չկար, ասոր-անոր ժպտիլ, ձեռքով շարժումներ ընել չկար:
Մեր Տան Պէս Մաքուր Պահենք Մեր Թաղերը, Մեր Շրջապատը
Քանի մը օր առաջ մեր շրջանի խաչմերուկին աղբակոյտը յանկարծ բոցավառած եւ հրդեհ մը բռնկած էր: Շրջանի ակումբի տղաքը հրկիզուած տեղը մաքրեցին եւ, դեղին ժապաւէնով շրջանակաձեւ արգելափակելէ ետք, երկլեզու ազդարարութիւն մը դրին, որ` «Հաճեցէք հոս աղբ չթափել»:
Հասկնալի էր, քանի որ աղբամաններն ալ փոխադրած էին փողոցին վերի ու վարի կողմերը:
Յաջորդ օրը, իրիկուան ժամը 10:30-ի շուրջ պատշգամբ կանգնած` կը փորձէի վայելել տաք եղանակին քիչ մը զով հովը, մինչ թաղին լայնքին ու երկայնքին դրացիներ ներսերը նստած` ոտնագնդակի մրցաշարքին կը հետեւէին: Այս ընթացքին նկատեցի, որ դիմացի մայթէն ձեռքը տոպրակ մը բռնած կին մը կու գար. «Աս ժամուն աս անվախը ո՞վ է արդեօք եւ ուրկէ՞ գնում ըրած է», զարմացած մտածեցի: Դիմացի շէնքի պատշգամբներուն քովնտի նայելով` կը յառաջանար, իսկ ես կ՛ըսէի մտովին` «Այս կինը պէտք է ճանչնամ», ու մէկ, երկու, երեք` հո՛փ ձեռքի տոպրակը նետեց կանգնող ինքնաշարժներէն մէկուն տակ: Ա՜հ, դիմացի շէնքի վերջին յարկի դեղին մազերով, թոմպուլիկ, ակնոցաւոր տիկինն էր… ճամբան շարունակեց դէպի մեր վարի նպարավաճառի խանութը: Ապշեցայ պատահածէն: Շուտով որոշեցի քովը իջնել` ըսելու համար, որ աղբանոց չէ հոս, բայց ժամը ուշ էր, աստիճաններն ալ` մութ, հետեւաբար հրաժարեցայ այս քայլէն, իսկ ինք կարծես սպրդած էր արդէն փողոցին միւս կողմէն:
Է՛, ասոր վերջը ի՞նչ պիտի ըլլայ: Անշուշտ, որ եթէ ասոր նման քանի մը հոգի նոյնը ընեն, ամբողջ թաղը աղբակոյտի պիտի վերածեն: Լա՛ւ որ մեր թաղի բոլոր խանութպանները ամէն օր իրենց խանութներուն առջեւ կ՛աւլեն ու մաքուր կը պահեն շրջանը:
Եթէ հարցերու լուծումին մաս պիտի չկազմենք, նուազագոյնը հարցին բարդացման պատճառ չդառնանք: Չըսենք`թաղը առնէտ կայ, սիրելի՛ տիկին, առնէտը մինչեւ չորրորդ յարկ կը բարձրանայ:
Մեր տան պէս մաքուր պահենք մեր թաղերը, մեր շրջապատը:
Կիւլէն Գոճայեան
16 Յուլիս 2024, Ազդակի մէջ լոյս տեսած
Տօնական օրեր, կարօտի մղձաւանջ
Սիրտս կը տրոփէ։ Անզգալաբար բջիջայինի գիծը կը բանամ ու, հրա՜շք, կը լսեմ անուշ ձայն մը՝ «Մամ…»։ Ինչքա՜ն կեանք կայ այդ բառին մէջ…
– Վա՛յ,– կ՚ըսեմ,– չ՚ըլլայ արթնցուցի
– Չէ, մամ, առտու է, bus կը սպասեմ
«Պա՞ղ է» հացումիս «այո, մամ» կ՚ըսէ ու տեղւոյն նկար մը կը ղրկէ. դեկտեմբեր 14, օրը՝ հինգշաբթի, ջերմաստիճանը 0-էն վար 6-ը ցոյց կու տայ…
Սի՛րտ իմ, ինչպէ՞ս դիմանամ… Բջիջայինի կապս կ՚ընդհատուի ու գիծը կ՚անջատուի։ Եղած տեղս կը մնամ։ Բջիջայինս կը հնչէ, բայց չեմ կրնար պատասխանել։
Օտարութի՛ւն, ի՞նչ ըսեմ. կարօ՛տ, քեզի ինչպէ՞ս բացատրեմ։
Նաւահանգիստի պայթումէն ետք իրերայաջորդ աննպաստ կացութեան հետեւանքներով ճամբորդողներ շատ եղած էին, ու չկայ ընտանիք մը, որ օտարութեան մէջ հարազատ մը չունենայ։ Պիտի վերադառնային… ե՞րբ։ Երկրին կացութիւնը միշտ ալ եղած է անապահով։ Քաջութիւն կ՚ուզէ Լիբանան այցելելը։
Տեղատարափ անձրեւի կաթիլները պատուհանիս ապակիին կը հարուածեն մեղեդի մը ստեղծելով, երկինքը կու լայ. խառնաշփոթ մտքերուս հետ կը յիշեմ պզտիկներուս դպրոցական օրերը, երբ կ՚աղօթէինք, թէ ե՛րբ պիտի մեծնան, իսկ հիմա կ՚աղօթենք մեր մեծցած պզտիկներուն՝ թէ ե՞րբ պիտի վերադառնան հայրենի օճախ։
Կարօտը կը կանչէ… ան չի լսեր, միայն կը կանչէ…
Տօնական օրեր, կարօտի մղձաւանջ։
Կիւլէն Գոճայեան
30/12/2023
Քաջն Վարդանի Սպասումով
«Նանի՜, կրնա՞մ հետդ խօսիլ… Շատ կարօտցած եմ». ձայնային կարճ նամակին յաջորդող հեռաձայնի զանգէն աչքերս կը բանամ ու հազիւ «հելօ» ըսած, կը լսեմ թոռնիկիս` Լոռիիս երաժշտախառն կանչը` «Նանի՜»: Ժամին կը նայիմ, կէս գիշեր է մեր մօտ: Բջիջայինիս հետ կամացուկ մը դուրս կ՛ելլեմ ննջարանէն եւ ուրախութեամբ` «Պատմէ՛,- կ՛ըսեմ,- ի՞նչ ըրիր այսօր»: Առանց դադար առնելու կը խօսի, ըսելիքներուն շարանը երկար է:
Յանկարծ կը կենայ. «Նանի՛, կրնա՞ս պատմութիւն մը կարդալ (անցնող օրերուն պէս) Լիբանանի գիշերներուն պէս»: Քանի մը մանկապատանեկան գիրքեր ցոյց կու տամ, «Կարմիր գլխարկիկ»-ը կ՛ընտրէ: Կը զգուշացնեմ, որ արագ պէտք է սկսինք, քանի որ ելեկտրականութիւնը շուտով պիտի ընդհատուի եւ մութին պիտի մնանք:
Գունաւոր նկարներուն հետ հարցումներու եւ «ինչո՞ւ»-ներու շարան մը կայ, եւ մենք դեռ անտառին մէջ ուտելիքներու սակառով կը թափառինք: Յանկարծ «Կեցի՛ր» կ՛ըսէ` ցուցամատը շրթներուն վրայ դրած լռութիւնը պահելու նշանով. «Կարմիր գլխարկիկը սակառով իր նանիին ուտելիք տարաւ, հապա Արցախի նանիներուն, պզտիկներուն ո՞վ հաց ու ջուր պիտի տանի, արդեօք անոնք կարմիր գլխարկիկ ունի՞ն…»:
Արցախէն ու Հայաստանէն հեռու ծնած եօթը տարեկան մանուկին հարցումը սիրտս կը յուզէ… «Արցախը այսօր Կարմիր գլխարկիկէն աւելի Կարմիր Վարդաններու պէտք ունի, արե՛ւս,- կ՛ըսեմ:- Դուն աղօթէ իրենց համար»: Պահ մը մտածելէ ետք, լռութիւնը խզելով, կ՛առաջարկէ` «Ես ալ սակառ ունիմ, կրնամ բան մը տանիլ»:
«Նանի՞, Կարմիր Վարդանին պատմութիւնը կը պատմե՞ս»…
Հոսանքը ընդհատուած էր, աշխարհը խաւարի մէջ էր… բայց վստահ եմ, որ բոլորիս ալ միտքն ու սիրտը, գիշեր թէ՛ ցերեկ, հո՛ն է, Արցախի ժողովուրդին հետ, եօթը տարեկանէն մինչեւ եօթանասունեօթը տարեկան…
Հայաստանը Հոս Էր, Դուն Ալ Տեսա՞ր
Պատշգամը նստած, կէսօրէ ետք, կը փորձեմ այս տաք օդին քիչ մը զովանալ: Հեռուէն լսուող յեղափոխական երգի ձայն մը կը մօտենայ ու կ՛անցնի մեր փողոցով. պատշգամէս վար կը նայիմ ու տեսնեմ, որ Հայաստանի ու Արցախի դրօշներով զարդարուած ինքնաշարժ մը Լիզպոնի հինգ անմահ տղոց յիշատակին նուիրուած հոգեհանգստեան պաշտօն-ձեռնարկը կը յուշէ թաղեցիներուն` ինքնաշարժին վրայ զետեղուած բարձրախօսներու միջոցով:
Պահ մը, երբ խորասուզուած էի մտածումներուս մէջ, կ՛անդրադառնամ, որ դիմացի պատշգամէն դրացիին թոռնիկները «թանթիկ, թանթիկ» ըսելով` զիս կը կանչեն: Կը սիրեմ հետերնին խօսիլ, քանի որ միշտ հետաքրքրական հարցումներ կ՛ունենան ուղղելիք: Մէկը հինգ տարեկան է, միւսը` չորս: «Այո՞», կ՛ըսեմ իրենց նայելով: Երկուքը մէկ, մատնանշելով հեռացող ինքնաշարժը, կ՛ըսեն` «Հայաստանը հոս էր, դուն ալ տեսա՞ր»: Մէկ զոյգ խօսք իրենց անմեղ շրթներէն` «Հայաստանը հոս էր…», սրտիս մէջ դնելս կու գայ ու սիրտս կը լեցուի, տղա՛ք, դուք չմեռաք, անմահացաք. ու բարձրաձայն կ՛ըսեմ` «Աչքը սիրեմ Պուրճ Համուտին»: Ապրի՛ք, հազա՛ր ապրիք, մեր ապագայ հերոս մանուկներ:
Մեր Շուքին Պէս Մեզի Հետ Է…
–Ալօ… մամա… ինչպէ՞ս էք… ըսէ ինծի ինչպէ՞ս էք… կը զանգեմ, կը գրեմ, պատասխան չկայ… չէք պատասխաներ կոր հեռաձայնս։ [Յուզմունքով կը խօսի հեռաւոր Գերմանիայէն], հեռատեսելէն կը հետեւինք Լիբանանը կրակներու մէջ է…
Օրին, հեռաձայնի եւ բջիջային գիծերը խանգարուած էր կամ ալ՝ ծանրաբեռնուած։ Յաջորդող օրերուն գիծը չէր լռեր. հեռաձայնողները շատ էին՝ Գերմանիայէն, Գանատայէն, Արժանթինէն, Միացեալ Նահանգներէն, Ֆրանսայէն, Իմարաթէն… Իրենք հոս չէին, բայց հոգւով-սրտով հոս էին։ Կը բաւէր, որ կը հետաքրքրուէին, թէ ինբպէ՞ս ենք, մանաւանդ Դիմատետրի բարեկամներու հոգածութիւնը աւելի կը գօտեպնդէր զիս, բոլորին ալ շնորհակալութիւնս կը յայտնեմ։
«Եւ մահամերձ ալ կ՚ուզէ երկու բան
Նախ՝ կեանքը, վերջը լացող մ՚իր վրան…»
-«Տրտունջք», Պետրոս Դուրեան
Հիմա աւելի լաւ կը հասկնամ, հասկնալէ աւելի՝ կ՚ապրիմ այս երկու տողերուն հետ, ուրեմն ի՞նչ ճգնաժամային պահետ անցուցած էր… եւ իր սրտին հոգիին պոռթկումը արտայայտած էր այս երկու տողով։
Ով որ հրաշքով ողջ մնաց, նորկից ծնաւ հրաշքով։ Հրաշքով, վախով, ահ ու սարսափով։ Աստուած հոգինի՛ն լուսաւորէ զոհերուն, հազար ափսոս, բժշկութի՛ւն տայ վիրաւորներուն եւ համբերութիւն բոլոր արկածեալ խեղք ժողովուրդին։
Օրը չէ՝ վայրկեանը վայրկեանին կ՚ապրինք, ակնթարթի այն պահը դեռ չենք մոռցած. մեր շուքին պէս մեզի հետ է…
Մեծ հայրս ու մեծ մայրս
«…Հա՛րս, աղջիկներուդ գործ տուր, թո՛ղ սորվին, որ աս տունէն զատ ուրիշ տուն ալ կայ (այսինքն պսակուելով այլ տուն պիտի երթային եւ հետեւաբար պէտք էր աշխատիլ սորվէին)…» Մեծ հօրս կամ մեծ մօրս հրամայական ձայնը կը լեցնէր տունը։ Ոչ հայրս, ոչ ալ մայրս կրնային հակաճառել։ Մայրս աչքով, ձեռքով նշան կ՚ընէր, որ ձայն չհանէինք եւ ինչ որ կար մեր ձեռքը ձգէինք ու տան գործերուն օգնէինք։
Երկրէն եկած ու մեծ եղեռնը տեսած ծերունիներ էին անոնք, որոնք տակաւին այդ երկրին սովորութիւնններով կ՚ապրէին. օրինակ մենք հօրս պապա չէինք կանչեր՝ այլ հայրիկ. «պապան ո՞րն է», կ՚ըսէին. մեծ հօրս ալ մեծ հայրիկ կը կանչէինք, իսկ մեծ մօրս՝ մեծ մամա. «Նէնէ եղեր, թուրքերը կ՚ըսէն նէնէ, տէտէ»։
Բայց մեծ հայրս ու մեծ մայրս թրքախօս էին, հայերէն չէին գիտեր, հակառակ անոր որ հօրեղբայրներս ու հայրս հայախօս էին, նոյնիսկ ֆրանսերէն կը խօսէին։ Թէեւ մեծ մայրս հայերէն կը հասկնար, բայց չէր խօսեր։ Յաճախ հայերէնով կ՚երգէր «Եկեր է գարուն, սոխակը սիրուն» երգը ու կը յուզուէր, որովհետեւ այդ մէկը զինք իր նահատակ եղբօր կը յիշեցնէր։
Մեծ հայրս ու մեծ մայրս կը պահանջէին, որ իրենց ներկայութեան թրքերէն խօսէինք, որպէսզի հասկնայինք։ Անշուշտ, որ մեր հիւրերն ու դրացիներ մեզի հետ հայերէն կը խօսէին, որուն համար մեծ մայրս կը նեղանար ու կը մրթմրթար. «Ամէն հայերէն խօսող երկինք պիտի համբառնայ, մենք ալ փեշերնէն կախուած պիտի ելլենք», կ՚ըսէր։ Յառաջացած տարիքնին չէին կրցած հայերէն սորվիլ եւ ատի իրենց տարտ մնացած էր։
Անոնք ջարդի ժամանակ իրար կորսնցուցած էին, բայց եւ այնպէս ամիսներ ետք դարձեալ իրար գտած էին։ Անոնք սիրոյ թռչուններու պէս կ՚ապրէին։ Տեղ չէին երթար, չէին ալ կրնար երթալ։ Անկողինը միշտ բաց էր իրենց համար։ Օրուան մէջ ալ յաճախ կը պառկէին-կ՚ելլէին ու կը սկսէին եղեռնէն պատմել, որ վերջ չէր ունենար։
Մեծ հայրս պատմելու կը սկսէր, քիչ անց մեծ մայրս կը միջամտէր՝ «դուն յոգնեցար, կեցի՛ր, ես շարունակեմ» ըսելով՝ պատմութեան թելին ծայրը ձեռք կ՚առնէր, որ վերջակէտ չունէր եւ չէր ալ ունենար։
Ժամանակ մը հասաւ, երբ հեռատեսիլները տուներուն մէջ ընդհանրացան։ Հայրս ալ ճար մը ըրած մեզի ալ սեւ-ճերմակ հեռատեսիլ մը բերաւ։ Կը յիշեմ, որ դժուար կը սպասէինք ժամը 7-ն, որպէսզի յայտագիրները սկսէին, իսկ երբ սկսէին, մեծ հայրս ու մեծ մայրս հօրս կամ եղբօրս կ՚ըսէին, որ իրենց հետ մնան սենեակին մէջ հեռատեսիլ դիտելու՝ «չըլլայ, թէ յանկարծ հեռատեսիլի մարդիկը դուրս ելլեն» կ՚ըսէին եւ հեռատեսիլին տակն ու վրան կը քննէին՝ հասկնալու համար, թէ ուրկէ՛ եւ ինչպէ՛ս մտած են այն մարդիկը հոն եւ թէ ե՛րբ եկած էին որ իրենք չէինք տեսած անոնց գալը։ Պատահեր, որ ծանուցում տար եւ ան ալ սափրուելու՝ «վա՜յ, վա՜յ» կը կանչէր մեծ մայրս, «Սա չամըչցած մարդը մեր հիւրանոցը եկած կը սափրուի, տէ՛, վռնտեցէ՛ք, ի՞նչ կը սպասէք»։ Քնանալու ժամանակ ալ մեզի կ՚ըսէր՝ «Ամէն մարդ իր անկողինը, ես կը սպասեմ ասոնց երթալը»՝ մատնանշելով հեռատեսիլին։ Միջոցին, եղբայրս կամ հայրս կոճակը կը սեղմէին ու հեռատեսիլը կը մարէր։ «Տեսա՞ք, ձեզի կ՚ըսեմ, թէ ասոնք մեր խօսքը մտիկ չեն ըներ, կը վռնտեմ ու դեռ չեն երթար։ Շո՛ւտ, դուռը կղպեցէ՛ք, ներս թող չի՛ մտնեն»։
Մեծ հայրս ու մեծ մայրս մէկական կերպարներ էին։
Ամէն լոգանքէ ետք ալ մեզմէ կը պահանջէին, որ ձեռքերնին համբուրէինք։ Ասի իրենց կողմէն դրուած օրէնք մըն էր։ Ճաշը առանց աղօթքի չէինք կրնար ուտել, եւ կարեւոր էր, որ բոլորս սեղանին շուրջ ըլլայինք՝ բացակայիլ կամ ուշանալ ընդունելի չէր։ Պէտք էր անոնք սկսէին ուտել եւ ան որ կշտանար չէր կրնար սեղանէն ելլել, այլ լուռ ու մունջ իր աթոռին վրայ պէտք էր սպասէր. «Մի՛ խօսիք, որ հրեշտակներն ալ մեզի հետ ճաշեն», կը յիշեցնէր մեծ մայրս։ Տան մէջ վիճաբանութիւն կը ծագէր, եթէ սխալմամբ անոնց ներկայութեամբ ըսէի, թէ մազերս քիչ մը կտրել պէտք է։ Օ՜հ, իրաւունք չունէի։ Ինչպէ՞ս կը յանդգնէի անոնց ներկայութեամբ առանձինս որոշում առնել՝ «աղջիկներուն մազը երկար, լեզուն ալ կարճ պէտք է ըլլար»։
Ինչ որ ալ ըլլայ, տունին մէջ մեծ հայրն ու մեծ մայրը օրհնանք ենք։ Տան մթնոլորտը ուրիշ կ՚ըլլայ։ Անոնց խրատներն ու ցուցմունքները, կեանքի փորձառութիւններն ու ջարդին իրենց ապրած հոգեկան յուզումնալից պատմութիւնները անպայման, որ հետք մը կը ձգեն վրադ…
Մինչեւ օրս, երբ ծերունի մը տեսնեմ, կը յիշեմ իմ մեծ հայրս ու մեծ մայրս. պահ մը երեւակայութեանս մէջ կ՚ուրուագծուին անոնց դիմանկարը, ականջիս մէջ կը լսեմ անոնց յաճախ կրկնած մէկ պատգամը՝ «Օտար երկրի մէջ տուն մի՛ շինէք, մնայուն չէք, գացէ՛ք մայր երկիր, շէնցուցէ՛ք. հո՛ն է մեր բոլորիս բոյնը, թող ականջնիդ օղ ըլլայ»։ «Ինքնաշարժ մի՛ գնէք, ձեր ինքնապաշտպանութիւնը ապահովեցէ՛ք»՝ երկրորդ օղը։ «Մէկուն մի՛ վստահիք, դուք ձեր բազուկի ուժին եւ երկաթի կտորին վստահեցէք»։
Որքան իրաւացի էին այս խրատները։ Երբ սկսէին պատուիրաններուն, մենք ալ կ՚ըսէինք՝ «Է՜հ, գիտենք, նոր բան մը ըսէք», «Հա՛», կ՚ըսէր մեծ հայրս, «Ասոնք լաւ սորվեցէք, կարեւորը ա՛ս է, յետոյ կը նայինք»։
Օր մըն ալ տեսայ, որ եղբօրս ծունկին քով նստեցուցած կը խրատէր առանձին՝ «տե՛ս տղաս, զէնքը, ձին եւ կինը մէկուն չեն տար, ատ ալ միտքդ պահէ»։
Է՜հ մեծ հայր, եթէ հիմա ողջ ըլլայիր…
Գիւղը
Օրերը իրար կը յաջորդէին, օդն ալ սկսած էր ցրտիլ. քամին կը սուլէր եւ ճամբուն վրայ ամէն ինչ օդը կը հանէր՝ փոշի սփռելով չորս դին, ծառերը տերեւաթափ եղած կը փորձէին մերկ ճիւղերով դէմ դնել խելագարած քամիին։ Հաճելի է գիւղի ձմեռը, երբ տաքուկ բոյն մը ունիս եւ շտեմարանդ լեցուն է ուտելիքներով։ Վաղ առաւօտ եղբայրս ու ես պէտք էր կանուխ պատրաստուէինք եւ օթօքարըսպասէինք փողոցին մուտքին։ Պատահէր, որ ձիւնը սկսած է, օթօքարըչէր գար ձիւնին պատճառով ու դպրոցը փակ կը մնար։ Կրնար պատահիլ, որ դպրոց եղած միջոցնիս ձիւնը սկսէր, անմիջապէս տուն կը վերադարձնէին աշակերտներուն, որովհետեւ ճամբաները կը փակուէն։ Բջիջային հեռաձայն չկար այդ ժամանակ, որպէսզի կարենայինք օգտագործել։ Նոյնիսկ երբ հեռաձայնի գիծը խանգարում կ՚ունենար, կը մնայինք առանց հաղորդակցութեան միջոցի։
Ես կեանքին մէջ ձիւն չէի տեսած բացի նկարներէն, ու երբ առաջին անգամ ձիւնել սկսաւ, դիտելէն չէի յագենալ։ Տուներնիս գետնայարկ էր եւ մեծ պարտէզով շրջապատուած։ Փաթիլ-փաթիլ տեղացող ձիւնը մերկացած ճիւղերուն վրայ պար կը բռնէր՝ գեղեցիկ տեսարան մը պարզելով դիտողին։ Իսկ երբ ճիւղ մը ծանրաբեռնուէր իր ճերմակ սաւանին տակ ու ճիւղը կքէր, ձիւնը մասամբ մը դէպի վար սահելով կը սառէր ու աւելի կը գեղեցկացնէր բնութիւնը։ Սքանչելի տեսարան…
Հայս մազուդէվառարան մը տեղադրած էր սենեակին մէջ, եւ մենք շուրջը հաւաքուած կը տաքնայինք, փորձելով մոռնալ դուրսի պաղն ու փոթորիկը։ Մեր թաղի մնայուն հայ բնակիչներն ալ, որոնք ընդհանրապէս տարեցներ էին, մեր տունը այցելելով անոնք եւս կը բոլորուէին վառարանին շուրջ եւ կը սկսէին հին օրերուն մասին պատմութիւններ վերյիշել կամ սրամիտներու առակներ ըսել։ Կը մնայինք հետերնին մինչեւ, որ քուներնիս գոցեր մեր աչքերը։ Այս մարդիկը գիւղին մէջ որպէս որմադիր կ՚աշխատէին եւ անոր համար հոն հաստատուած էին ամառ-ձմեռ։
Ասոնցմէ կը յիշեմ կորաքամակ Արդին ծերունին, որուն «Չոք Աքլը» այսինքն «շատ խելացի»ածականըկու տային։ Կային նաեւ երկու ամուրի եղբայրներ, նաեւ «ամմօ Սարգիս»ը եւ իր տիկինը՝ «Մարգրիտ Տուտուն»՝ բարի, աշխուժ, վայրկեան մը իսկ չնստող աշխատասէր ծերունին։ Ան շատ լաւ գիտէր, թէ ո՛ր բոյսը ուր եւ երբ կը բուսնի։ «Հայտէ», կ՚ըսէր մօրս, «Եթէ տան գործերը կարգի դրիր, տոպրակ մը առ ու հետեւէ ինծի», եւ ակի ջուրին հոսանքին հետեւելով եզերքները գտնուող ուտելի բոյսեր աճած կ՚ըլլային եւ մենք կը քաղէինք ատոնք։ Կային, որ հում կ՚ուտուէինք եւ կային, որ պէտք էր եփէինք։ «Բնութեան պարգեւն են ասոնք եւ համեղ են, կերէ՛ք», կ՚ըսէր։ Դեռ կար նարնջենիին պարտէզին մէջ ծլած մեծ տերեւներով բոյսը, բանջար, որ զամբակի կը նմանէր։ Ասիկա Ամանոսցիներուն նշանաւոր եւ փառաւոր ճաշն էր՝ թրշիկը։ Պէտք էր լաւ գիտնայիր բոյսը, որպէսզի անոր նմանող այլ թունաւոր բոյս մը չքաղէիր։ Այս բանջարը պէտք էր հաւաքուէր, մաքրուէր, լուացուէր եւ մանրուէր գիշերով ու վրան ծածկելով մնար մինչեւ յաջորդ օր՝ եփելու։ Այս իր յատուկ գաղտնիքն էր համեղ ըլլալու համար։ Մայրս այս ճաշը եփելը մեծ մօրմէս սորված էր։ Եփելէն ետք ալ անկարելի էր զայն մինակ ուտելը, անպայման, որ կը բաժնեկցէիր դրացիներուն հետ՝ չմոռնալով այս ճաշին հետ ուտելու ոսպոս քէօֆթէն։ Պատրաստելը դժուար էր, բայց շատ համեղ էր, եւ ըստ բժիշկներուն, բոլոր հիւանդութեանց դարման էր։ Հիմա նարինջի պարտէզներուն փոխարէն շէնքեր բարձրացան ու թրշիկին բոյսերն ալ անհետացան։
Զահլէի Պալըգճեան վարժարանի յիշատակս
Ժպիտ մը կ՚ուրուագծուի դէմքիս վրայ ու կը յամենայ։
Ո՛վ չի սիրեր մանկութեան օրերը յիշել, մանաւանդ դպրոցական օրերը՝ անվերադարձ երջանկութեամբ լեցուն անմեղ օրերը, եւ ո՛վ չ՚ուզեր մանկանալ…
Ժպիտով կը յիշես ուրախ պատահարները, անակնկալ դէպքերը, եւ դարձեալ ժպիտով կը վերյիշես դառն ու ցաւալի պահերը։ Արցունքը աչքերուդ սիրտդ կը ցաւի ու խորունկէն «Օ՜ֆ» մը կը քաշես, թերեւս սիրտդ հովանայ։
Այդ տարին տուներնիս այրեցաւ[1]։ Հայրս գիւղէն գործ գտած էր, եղանակն ալ ամառ ըլլալով յարմար նկատեց այրած տունէն մեր գիւղ փոխադրուիլը։ Ատի մեզի համար ձեւով մը ամառանոց ալ պիտի ըլլար։ Սակայն, ժամանակը թաւալեցաւ եւ վրայ հասաւ ձմեռը ու մենք մնացինք գիւղը։
Տան միակ աշխատող ձեռքը հայրս էր ու ամէն ինչ սկսած էինք զէրոյէն, այսինքն դժուար էր ամէն բան։ Շատ չանցած վերամուտն ալ թակեց մեր դուռը եւ մենք չորս դպրոցական մանուկներ չէինք կրնար մնալ առանց դպրոցի, որքան ալ դժուար ըլլային պայմանները։ Կը յիշեմ ծնողքիս շուարած վիճակը՝ նախ, գիւղի ձմեռը քաղաքի ձմրան չէր նմաներ, հոս ձիւն, կարկուտ, փոթորիկ կար ու ձմրան պաշար, տաքուկ վերարկու… Բայց Աստուած մէկու մը անօգնական չի ձգեր։ Շնորհիւ բարեսիրտ կրթական մշակներու, ես ու եղբայրս առիթը ունեցանք յաճախելու Զահլէի Պալըքճեան վարժարանը՝ շրջանի միակ հայկական դպրոցը։ Շատ լաւ կը յիշեմ արձանագրութեան համար դպրոց մեր այցելութիւնը, որովհետեւ սիրալիր ընդունելութեան արժանացած էինք պարոն տնօրէնին եւ օրուան հոգաբարձութեան կողմէն։ Կարեւորը առանց դպրոցի չմնայինք։
Առաջին հանգրուանը անցած էինք՝ դպրոց պիտի կարենայինք յաճախել։ Կու գար դպրոց յաճախելուն յաջորդ հանգրուանը՝ պէտք ունէինք գիրքի ու գոգնոցի։ Դասագիրքերը տրամադրեցին եւ փոխադրամիջոց ապահովեցին մեզի համար։ Իսկ Պալըգճեան վարժարանի գոգնոցը ես կարողացայ հագնիլ, դասընկերներու նման, շնորհիւ տիկին Երեցեանին՝ տնօրէնին տիկնոջ, որ սիրայօժար կերպով ինծի համար կարեց իմ դպրոցական տարազս՝ բան մը, որ մինչեւ հիմա յուզումով եւ հիացմունքով եւ երախտագիտութեամբ կը յիշեմ։
Պալըգճեանի օրերուս կը յիշեմ իմ ամենաշատ սիրած ուսուցիչիս՝ պարոն Աշըգեանի դասապահերը՝ հայոց պատմութիւն եւ հայերէն լեզու։ Մինչեւ օրս պահած եմ իմ շարադրութեանս տետրակը եւ հայոց պատմութեան իր նօթերը։
***
Ամավերջի հանդէս։
Այդ օրերուն հանդէսը մեծ եւ կարեւոր հանգրուան մըն էր աւարտողներուն համար՝ նոր հագուստ, նոր կօղիկ՝ այդ ալ ճերմակ… Օ՜ այդ օրը ամէն աշակերտի համար երազային էր (մեր օրերուն) եւ բոլորս անհամբեր կը սպասէինք հանդէսին։
Մեր դժուարին պայմաններուն մէջ թէ՛ ես ու թէ ծնողքս կը խուսափէինք այդ երազային օրուան մասին խօսելէ, ինչպէ՞ս պիտի բեմ ելլէի ես… Դարձեալ օգնութեան հասաւ տիկին Երեցեանը, եւ անգամ մը եւս իր սիրալիր ձեռքերով գնեց ու կարեց իմ հանդէսի հագուստս… Կրնա՞ս երեւակայել այդ օրուան եւ այդ պահուն իմ զգացած յուզումս…
Բնականաբար ուրիշ անգամներ դարձեալ տարբեր առիթներով բեմ ելած ու վկայական ստացած եմ, բայց Պալըգճեանի վկայականիս չափ չեմ յուզուած։ Անկարելին կարելի դարձած դպրոցական տարի մը ապրեցայ եւ մանկութեան շրջանիս ամէնէն անուշ եւ տաքուկ վկայականը առի։
Այլեւս կը զգայի կեանքի դժուարութիւններուն եւ մնաք բարով մանկութիւն…
Ժպիտով եւ երախտագիտութեան շնորհակալութիւն կը յայտնեմ կրկին Պալըգճեան վարժարանի այդ օրուան հոգաբարձութեան, պարոն տնօրէն Յովսէփ Երեցեանին եւ տիկին Երեցեանին, ինչպէս նաեւ ուսուցիչներուս։
Ողջերուն կեանքը երկար, իսկ մահացողներուն՝ մոմ եւ խունկ իրենց յիշատակին։
[1]Գարանթինայի տուներուն այրելուն կ՚ակնարկեմ
45 տարի ետք
Միշտ ալ հաճելի եղած են անակնկալները, մանաւանդ երբ մանկութեանդ եւ սիրած անձերուդ հետ կապ ունին։
Ժամանակ մը հօրս գործը վատթարացաւ. տան մէջ միակ աշխատողը ինքն էր։ Մեծ հայրս եւ մեծ մայրս ալ մեզի հետ կ՚ապրէին։ Ստիպուած եղաւ հեռուի գործին համաձայնիլ ու ստիպողաբար գիւղէն տուն վարձեցինք։
Այդ տարին նոր դպրոց, նոր միջավայր, նոր դասընկեր-դասընկերուհիներ Զահլէի Պալըգճեան վարժարանը պիտի յաճախէինք ես ու եղբայրս։
Իբր յիշատակ նկարներ ունիմ խմբային եւ առանձին ընկերուհիներուս հետ։ Երբեմն կը դիտեմ ու կը յիշեմ անցեալի ուսուցիչներս եւ դասընկերներս։ Շատերուն անունը կը յիշեմ, ոմանց ալ մականունը։
Եւ յանկարծ դիմատետրի մէկ նկարին վրայ կը կեդրոնանամ… այո, նկարը իմ դասընկերուհիս շատ կը յիշեցնէ ու գրեցի իր էջին վրայ։ Քանի մը օրուան լռութենէ ետք շաբաթ կէսօրէ ետք մը դիմատետրով կը պատասխանէ, անցեալի դպրոցական կեանքէն մէջբերումներ կ՚ընէ ու բջիջային հեռաձայնիս կը հեռաձայնէ։ 45 տարիներ ետք իրար կը գտնենք… այդ պահուն, երբ ձայնը լսեցի, մանկացայ… երեւակայութեանս մէջ դպրոցս գացի։
Ամուսնացած էր եւ պատերազմի օրերուն գաղթած էին Ֆրանսա, ապա Գալիֆորնիա՝ երջանիկ բոյն մը կազմած ու բախտաւորուած 3 մանջ զաւակներով։
Ուրախ էի իրմով եւ 45 տարուան լռութեան անակնկալով։
Ուրեմն դեռ կարելի էր գտնել Մարօն, Շուշիկը, Շողիկը, Ռեպեքան, Սեդան…
Երախտապարտ եմ Պալըգճեան վարժարանին այդ տարուան ուսուցչական կազմին՝ մանաւանդ պարոն տնօրէնին՝ պրն. Յովսէփ Երեցեանին։
Վարձքը կատար բոլորին…